Այսօր այս մշակութային խորհրդակցական հանդիպման յարկին տակ համախմբուած ենք ո՛չ միայն պատմական հատորի մը էջերը թերթելու, այլ նաեւ` վերյիշելու եւ վկայակոչելու այն վէրքը, որ արձանագրուած է մայրերու արցունքներով ու սովամահներու հեծեծանքով: Այս աշխատասիրութիւնը գիտական պտուղն է այն համագումարին, զոր հիւրընկալեց Լիբանանեան համալսարանի Գրականութեան եւ մարդկային գիտութիւններու բաժանմունքը` 2024 ապրիլին, որպէսզի հանդիսանայ մոռացումը դատապարտող եւ ճշմարտութեան յաղթանակը հաստատող վաւերաթուղթ մը:
Երբ կը թերթենք այս հատորին էջերը, մեր դիմաց կը պարզուի գիտական այնպիսի կառոյց մը, որ հարուստ է ճշգրիտ փաստաթուղթերով եւ վիճակագրական տուեալներով: Սակայն պատմական ճշմարտութիւնը մեզ միշտ կը մղէ ամբողջացնելու պատկերը. այդ էջերուն եւ թիւերուն ընդմէջէն կը ծագի անհրաժեշտութիւնը` լուսարձակի տակ առնելու այն փարոսները, որոնց հանդէպ պատմագրութիւնը դեռ բաւարար չափով արդարացի չէ գտնուած, որոնց առաջին շարքին է` Զմմառու Տիրամօր վանքը: Այս վանքը լոկ աշխարհագրական վայր մը չէր, այլ` կենդանի պատգամ մը, ուր թիւերը անկարող են նկարագրելու անոր պատերէն ներս հիւսուած անձնուիրումի ու մարդասիրական դրուագները, զորս այսօր պատիւը ունինք վերյիշելու` որպէս մեր հաւաքական յիշողութեան անբաժանելի մէկ մասնիկը:
Երախտագիտութեան եւ սիրոյ ջերմ ողջոյն մը կը յղեմ այս ձեռնարկի հանդիսավար, լրագրող Հալա Հատտատին` այն ծանօթ ձայնին ու դէմքին, որուն ընկերացած ենք «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանէն, եւ որ` քսանվեց տարիներու ընթացքին հանդիսացաւ լաւագոյն զրուցակիցը, պրպտողն ու խօսքը հաւատարմութեամբ փոխանցողը:
Շնորհակալութիւն նաեւ` դոկտ. Մարուան Ապի Ֆատելին, որ իր գրիչը նուիրեց ճշմարտութեան ծառայութեան: Ան այն հետազօտողն է, որ ստեղծագործական շունչով վաւերագրեց անցեալը, եւ որմէ այսօր կը սպասենք առաջնորդել գիտակցութեան երթը` յառաջիկայ համագումարներուն ընթացքին, որոնք պիտի արծարծեն նաեւ Հայոց ցեղասպանութիւնն ու մեր պատմութեան միւս մեծագոյն փուլերը: Մենք մեծ յոյսեր կը կապենք անոր` լուսաւորելու ժամանակի թաւալումով մոռցուած էջերը, որպէսզի ճշմարտութիւնը մնայ աւանդ երիտասարդութեան ձեռքերը եւ փարոս մը, որ մեզ միշտ կ՛առաջնորդէ դէպի մարդկային արժանապատուութեան պահպանումը:
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Լիբանանի Հայ դատի մարմինին, որ համախմբեց երկու ողբերգութիւններ, որոնք իրականութեան մէջ մէ՛կ միասնական ցաւ են: Այն ողբերգութիւնը, որ մարմնաւորուեցաւ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեամբ, նոյնն է այն արհաւիրքին հետ, որ սովի ճիրաններուն մէջ խեղդամահ ըրաւ Լեռնալիբանանն ու Պէյրութը: Պատմութիւնը դառնութեամբ կը յիշէ Էնվեր փաշայի ամբարտաւանութիւնը, երբ ան լկտիութեամբ ըսած էր. «Մենք բնաջնջեցինք հայերը սուրով, իսկ լիբանանցիները պիտի մեռցնենք սովով»: Այս մտայնութիւնը, որ թիրախաւորեց ժողովուրդներու բնաջնջումը, այն չարիքն է, որուն դէմ այսօր կը պայքարինք մեր կենդանի յիշողութեամբ:
Նաեւ մեծ խորհրդածութեամբ կանգ կ՛առնեմ դոկտ. Իմատ Մուրատի բարձրացուցած աղաղակին առջեւ` Լիբանանեան համալսարանի 2024-ի համագումարին ընթացքին, ուր ան շեշտեց անցեալի ողբերգութիւններէն դասեր քաղելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի անոնք չկրկնուին: Ան հաստատեց, որ «Սովի նահատակներուն» յիշատակը անտեսելը մեր ազգային ինքնութեան հիմնական մէկ մասնիկին քողարկումն է: Իրեն հետ միասին կը հաստատեմ` լիբանանցիներու ողբերգութիւնը, ճիշդ այնպէս` ինչպէս Հայոց ցեղասպանութիւնը, պիտի մնայ իբրեւ բաց վէրք, այնքան ատեն որ արդարութիւնը դեռ չէ հասած իր լրումին: Այս առիթով կ՛ողջունենք նախկին երեսփոխան Նեհմեթալլահ Ապի Նասըրի օրինագծային նախաձեռնութիւնը` Սովի յիշատակին նուիրուած պաշտօնական օր մը հաստատելու գծով, եւ խորապէս կը ցաւինք, որ նեղ ու համայնքային պառակտումները ժամանակին արգելք հանդիսացան այս օրէնքի վաւերացման, կարծես թէ մարդկային ցաւը համայնքային պատկանելիութեան կարիքն ունի ճանչցուելու համար:
Այդ սովը լոկ պատահական բնական պայմաններու հետեւանք չէր, այլ` կանխամտածուած ցեղասպանութիւն: Մարդը մատնուեցաւ «մահուան եռանկիւնիին»` ցամաքային ու ծովային պաշարում եւ մարախի ներխուժում: Սակայն մեծագոյն ցաւը այն էր, որ սովը ստեղծուեցաւ նաեւ «ամբարողներու եւ շահագործողներու ագահութեամբ»: Անոնք, որոնք ցորենը դիզեցին, մինչ ժողովուրդը շեմերուն վրայ հոգին կ՛աւանդէր. տեսարան մը, որ այսօր կը կրկնուի Լիբանանի մէջ` տնտեսական այնպիսի ճնշումներով, որոնք կը կրծեն մարդկային արժանապատուութիւնը եւ թիրախ կը դարձնեն անոր օրապահիկն ու անդորրութիւնը:
Այստեղ խորին յարգանքով կը խոնարհիմ Հայ կաթողիկէ Զմմառու Տիրամօր վանքի դերակատարութեան առջեւ, որ «մխիթարութեան միակ կաթիլն էր տառապանքի ովկիանոսին մէջ», ինչպէս բնութագրած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Սահակ Բ. Խապայեան` 1918-ին: Վանքը վերածուեցաւ «կենդանի զոհասեղանի»: Երբ պաշարները սպառեցան, եւ հացը հազուագիւտ դարձաւ, այս միաբանութիւնը չվարանեցաւ զոհաբերելու ամէնէն նուիրականը. ծախու դրուեցան վանքի հոգեւոր մասունքները` ոսկեայ մատանիներն ու լանջախաչերը: Աւելի՛ն. անձնուիրումը հասաւ այնտեղ, որ գրաւ դրուեցան վանքի կալուածները եւ վաճառուեցան հողերը, որպէսզի անոնց գինը վերածուի հացի` փրկելով մարմինները բնաջնջման վտանգէն, հաւատալով, որ մարդկային հոգիի պահպանումը աւելի սուրբ է, քան` անշարժ գոյքի պահպանումը:
Այս փոթորիկի կիզակէտին, յատկապէս` 1916 թուականին, երբ աւելի քան 600 սովածներ ու աղքատներ կը շրջէին վանքի շրջափակին մէջ` կեանքի նշոյլ մը փնտռելով, հանդէս եկաւ հայր Պօղոս Արիսը` որպէս անխոնջ հովիւ: Ան իր ուսերուն վերցուց գրեթէ անհնարին թուացող առաքելութիւն մը` ստանձնելով օրական 200 սովածներու կերակրման գործը:
Այս վսեմաշուք վանականը, որ կոչուեցաւ «Որբերու հայրը», եւ որուն կարօտեալները սիրով «Պապա Արիս» կ՛ըսէին, չբաւարարուեցաւ միայն ժամանակաւոր վէրքերը դարմանելով, այլ դարձաւ «Յոյսի ճարտարապետը»: Ան ուղղուեցաւ դէպի այն տարածքները, որոնք լոկ մահուան ու համաճարակի ճահիճներ էին, եւ զանոնք իր ու իրեն հետ եղողներու կամքով վերածեց այն վայրին, որ այսօր կը ճանչնանք իբրեւ Պուրճ Համուտ: Անիկա հանդիսացաւ կենդանի վկայութիւնը ոչնչութենէն քաղաքի մը ծնունդին եւ Ցեղասպանութեան մոխիրներէն ժողովուրդի մը յարութեան:
Այդ տագնապալից օրերուն հայր Պօղոս Արիսը այցելեց վեհանձն Էլիաս Հուայէք մարոնի պատրիարքին` Պքերքէի մէջ: Երբ պատրիարքը մտահոգութիւն յայտնեց, թէ Լիբանանը կրնայ գերեզմանոցի վերածուիլ հայ գաղթականներուն համար, Հայր Պօղոսը հաւատացեալի տոկունութեամբ պատասխանեց. «Հայը անօթի չի մեռնիր: Ան քարէն ջուր կը հանէ, բայց քար իսկ չունի: Տուէ՛ք Լիբանանի քարերը, եւ եթէ կը հաւատաք Զմմառու վանականներու կամքին, պիտի կանգնիք անոնց թիկունքին, մինչ անոնք ոչնչութենէն կեանք կը կերտեն»:
Այս արհաւիրքին առջեւ ծնունդ առաւ պատմական կեցուածք մը, որ գրուեցաւ լուսեղէն տառերով: Էլիաս Հուայէք պատրիարքը նայեցաւ դէպի հորիզոնը` սրտով մը, որ կը գրկէր ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի ցաւերը, եւ արտասանեց իր այն խօսքը, որ փոխեց պատմութեան ընթացքը. «Մեծ պատերազմը զաւակներս խլեց: Աստուած անոնց տեղ հայերը կը ղրկէ: Բացէ՛ք դռները, թող հայերը գան»: Այդ վայրկեանէն իսկ, պատրիարքին որոշումը վերածուեցաւ «Գթութեան սահմանադրութեան», որ տարածուեցաւ երկրի բոլոր կողմերը: Եկեղեցին իր ամբողջ ուժականութեամբ լարուեցաւ, եւ վանքերը միացան մարդասիրական այնպիսի ներդաշնակութեան մը մէջ, որուն նմանը պատմութիւնը չէր տեսած:
Բացուեցան վանքերու շտեմարանները` Այն Վարքայէն ու Հարաշէն մինչեւ Քրէյմ, Զմմառ, Քֆիֆան ու Մէյֆուք: Վանքերը միացան կերտելու համար բնաջնջման դէմ զօրակցութեան մեծագոյն դիւցազներգութիւնը: Եկեղեցին փաստեց, որ ինք բանակներ չունի, բայց ունի «Հացի զօրութիւնը» եւ սիրոյ իշխանութիւնը, որ մեր վանքերը վերածեց անառիկ ամրոցներու` տապալելով սովամահութեան քաղաքականութիւնը, որպէսզի մնայ մարդը եւ մնայ Լիբանանը:
Մեր այսօրուան կեցուածքը լոկ լաց ու կոծ չէ ողբերգութեան աւերակներուն վրայ, այլ` «ինքնութեան վերականգնման արարք»: Եթէ այդ սովը խլեց երկու հարիւր յիսուն հազար մարդոց կեանքը, ապա մեր տոկունութիւնը ապացոյցն է այն իրողութեան, որ Լիբանանի մէջ ապրելու կամքը անընկճելի է: Այս հայրենիքը ծիլ տուաւ «Սիրոյ հացի» արմատներէն, որ շաղախուեցաւ հայրերու քրտինքով եւ մայրերու գուրգուրանքով:
Այն խաչը, որ ձգեց առաջնորդներու կուրծքը` սոված մը փրկելու համար, վերածուեցաւ «կենդանի զարկերակի» եւ փարոսի մը, որ մեզ միշտ կ՛առաջնորդէ հասկնալու, թէ մարդկային արժանապատուութիւնը ինքնին հողն է, եւ անոր կառչած մնալը պաշտամունքի բարձրագոյն ձեւն է:
Թող այս հանդիպումը ըլլայ նոր ուխտ մը. մնալ հաւատարիմ այդ «Հացին», պահապանը` այդ յիշողութեան, եւ հաւատացողը` այն Լիբանանին, որ սիրով յաղթեց մահուան եւ երբեք պիտի չընկրկի ժամանակի փոթորիկներուն առջեւ:
Կեցցէ՛ Լիբանանը, եւ կեցցէ՛ բնաջնջման դէմ յարատեւող հաւատքը:
26 մարտ 2026
* Դոկտ. Մարուան Ապի Ֆատելի խմբագրած «Սովը Լիբանանի մէջ Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին (1914-1918)» խորագրեալ գիրքին քննարկումի աւարտին Հայ կաթողիկէ Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոսի փակման խօսք:
