Քալըն. «Լիբանանի Մէջ Տեղի Ունեցողին Նպատակը Կրնայ 1974-ին Կոլանի Մէջ Տեղի Ունեցածին Նմանող Իրողութեան Պարտադրումը Ըլլալ»

Թրքական հետախուզութեան` ՄԻԹ-ի տնօրէն Իպրահիմ Քալըն յայտնեց, որ ներկայ պատերազմը կրնայ շրջանի ժողովուրդներուն` թուրքերուն, քիւրտերուն, արաբներուն եւ պարսիկներուն միջեւ երկարատեւ պատերազմ յառաջացնել:

Ան նշեց, որ նպատակը միայն Իրանի հիւլէական ծրագիրով չի սահմանափակուիր, այլ նաեւ կ՛ընդգրկէ մինչեւ տասնամեակներ տեւող հակամարտութիւններու ստեղծում:

Քալըն յայտնեց, որ Թուրքիան զգօն է եւ պիտի շարունակէ աշխատիլ քաոսի եւ հակամարտութիւններու տարածումը կանխարգիլելու համար, սակայն նշած է, որ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցողը կրնայ նպատակ ունենալ 1974 թուականին Կոլանի բարձունքներու նման իրականութիւն պարտադրել` իբրեւ կցումի եւ բռնագրաւման քաղաքականութեան նախերգանք, ընդգծելով, որ Թուրքիան կը մերժէ պաղեստինցիներու դէմ որեւէ ոտնձգութիւն եւ կը հաստատէ իր շարունակական աջակցութիւնը Կազայի եւ Այսրյորդանանի վրայ անոնց իրաւունքներուն:

 

 

Leave a Comment