
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ՏՕՆԸ`
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Կիրակի, 29 մարտ 2026-ին, մեր Տիրոջ Երուսաղէմ յաղթական մուտքի տօնին` Ծաղկազարդի առիթով, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի սուրբ եւ անմահ պատարագ:
Օրհնութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏին
Պիտի պատարագէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Տեսուչ կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի
Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:30-ին
Սկիզբ Ս. պատարագի` ժամը 10:30-ին
Մանուկներու թափօր` ժամը 11:00-ին
Սուրբ պատարագի ընթացքին պիտի կազմուի մանուկներու թափօր, որուն աւարտին մայրավանքի շրջափակին մէջ հաւաքուած հայ մանուկներուն, պատանիներուն եւ յատկապէս երիտասարդ ծնողներուն իր հայրապետական խօսքը պիտի ուղղէ վեհափառ հայրապետը:
Ապա, աւանդութեան համաձայն եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի օրինակին հետեւելով, վեհափառ հայրապետը պիտի ընդունի մանուկները եւ իր օրհնութիւնն ու նուէրը տայ անոնց:
ԴՌՆԲԱՑԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Նոյն օրը երեկոյեան ժամը 4:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Դռնբացէքի հոգեպարար արարողութիւնը, որուն պիտի նախագահէ վեհափառ հայրապետը, իսկ պիտի հանդիսապետէ ու յաւուր պատշաճի քարոզէ Շահան արք. Սարգիսեան:
Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն, մասնաւորաբար երիտասարդ ընտանիքներուն, ներկայ գտնուելու ու մասնակցելու սուրբ պատարագին եւ մանուկներու թափօրին, ինչպէս նաեւ երեկոյեան տեղի ունենալիք Դռնբացէքի արարողութեան:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
————————————–
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԸ`
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Ծաղկազարդի տօնին առիթով կիրակի, 29 մարտ 2026-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ:
Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ԱՒԵՏԻՔ ՎՐԴ. ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
Ժամերգութիւն` ժամը 8:30-ին
Ս. պատարագ` ժամը 10:00-ին
Քարոզ` ժամը 11:00-ին
Մանուկներու թափօր` ժամը 12:00-ին
Սիրով կը հրաւիրենք մեր սիրելի հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու Ս. եւ անմահ պատարագին եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:
ԴՌՆԲԱՑԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամը 5:00-ին:
Արարողութիւնը պիտի կատարէ եւ քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ԱՒԵՏԻՔ ՎՐԴ. ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ ԵՒ ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ