Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ առաւօտեան պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ:
«Մենք պաշտօնատարներու այցելութեան կը սկսինք եւ կը ներկայացնենք մեր միջեւ երկխօսութեան եւ ոչ թէ բախումի ճամբով Լիբանանը մեծ վտանգէն պաշտպանելու առաջարկ մը», յայտարարեց Պասիլ:
«Լիբանանի պաշտպանութեան փաստաթուղթը կը բովանդակէ երեք գլխաւոր միտքեր. առաջինը վարքագիծի կանոնագիրք է, որ կը մերժէ մեր միջեւ բռնութիւնը, կը մերժէ հրահրումը եւ անվտանգութեան սեփական ապահովումը, ինչպէս նաեւ յանձնառութիւն կը պարունակէ պետութեան ծածկոյթը յարգելու, մասնաւորաբար ներքին տեղահանութեան նիւթին մէջ, այնպէս որ պետութիւնը հանդէս կու գայ իբրեւ պաշտպան եւ մատակարար, ինչպէս նաեւ կը պահպանէ Լիբանանի միասնութիւնը անոր 10.452 քառակուսի քիլոմեթր սահմաններուն վրայ:
Ան աւելցուց. «Մեր փաստաթուղթին երկրորդ գաղափարը ներքին սադրանքին, իսրայէլեան բռնագրաւումին եւ սուրիական միջամտութեան մերժումն է»:
«Մեր փաստաթուղթին երրորդ գաղափարը հիմնուած է լուծումի վրայ, որ հիմնուած է զէնքի մենաշնորհման, որոշումը բանակին ու պետութեան մենաշնորհը դարձնելուն, Իսրայէլի ամբողջական հեռացմամբ եւ Լիբանանը պաշտպանելով, զայն չէզոք դարձնելով, ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան ռազմավարութեամբ մը, որուն յանձնառու դարձաւ կառավարութիւնը, արդար խաղաղութիւն, որ բնական է, որ գոյանայ թշնամիներու կամ հակառակորդներու հետ բանակցութիւններու ճամբով, իսկ խաղաղութիւնը ունի իր պայմանները, որոնց առաջինը ամբողջական իրաւունքներն են», աւելցուց երեսփոխանը:
Պասիլ իր խօսքը եզրափակեց նշելով. «Պատասխանատուութիւնը մեծ է, եւ անոր հովանաւորը հանրապետութեան նախագահն է: Առաջին օրէն ըսինք, որ մենք հանրապետութեան նախագահին ու նախագահութեան կողքին ենք, թէկուզ ընդդիմութեան մէջ ենք: Մենք թիկունք կը կանգնինք օրինականութեան ու պետութեան եւ չենք ընդունիր, որ հանրապետութեան նախագահին պատահի այն, ինչ որ մեզի պատահեցաւ»:
Պատուիրակութիւնը աւելի ուշ փաստաթուղթը ներկայացուց վարչապետ Նաուաֆ Սալամին: