Եգիպտոս Իսրայէլի, Միացեալ Նահանգներու Եւ Ֆրանսայի Հետ Կը Հաղորդակցի Մագլցումի Թուլացման Եւ Իսրայէլեան Ներթափանցման Դադրեցման Համար

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթի երէկ այցելեց Լիբանան: Ան Պաապտայի պալատին մէջ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ տեսակցելէ ետք յայտնեց. «Եգիպտոս պատրաստ է ընդառաջելու Լիբանանի մէջ եղբայրներուն խնդրանքներուն եւ լիարժէք քաղաքական աջակցութիւն ցուցաբերելու: Մեր հաղորդակցութիւնները կը յատկացնենք մագլցումի թուլացման, եւ ատոր համար համակարգում կը կատարենք ֆրանսացի գործընկերներու հետ»:

«Հակառակ անոր, որ որոշակի ելքերու չհասանք, սակայն լաւատես ենք», նշեց Ապտելաթի:

«Իսրայէլի, Ամերիկայի եւ Ֆրանսայի հետ կապի մէջ ենք մագլցումը թուլացնելու եւ Լիբանանի մէջ Իսրայէլի ցամաքային ներթափանցումը դադրեցնելու համար», յայտնեց եգիպտական դիւանագիտութեան պետը:

«Փաքիստանի եւ Թուրքիոյ հետ գործակցաբար աշխատանք կը տանինք շրջանին մէջ մագլցումը դադրեցնելու միջնորդութեան մը վրայ: Թուրքիոյ եւ Փաքիստանի հետ պատգամներ կը փոխանակենք ամերիկեան եւ իրանեան կողմերուն միջեւ», յայտնեց ան:

«Անհրաժեշտ է, որ Իսրայէլ Լիբանանէն հեռանայ եւ գործադրէ թիւ 1701 որոշումը», շեշտեց Ապտելաթի:

Ան վերահաստատեց իր երկրին Լիբանանի կառավարութեան նկատմամբ աջակցութիւնն ու լիարժէք կերպով անոր կողքին կանգնիլը:

Իսրայէլեան հրետանին երէկ արշալոյսին ռմբակոծեց Պընթ Ժպէյլը եւ Շաքրայի ու Սլուքի հովիտի մերձակայքը: Ան առաւօտեան ռմբակոծեց նաեւ Նապաթիէ գաւառի Քֆարֆըպնիթ գիւղը:

Հըզպալլա երէկ առտու յայտարարեց, որ Քանթարա գիւղին մէջ երէկ իր վնասազերծած իսրայէլեան հրասայլերու թիւը բարձրացած է 13-ի: Թիպէ գիւղին մէջ 3 հրասայլեր վնասազերծուած են, իսկ Տպըլ գիւղին մէջ` 2 հրասայլեր:

Հըզպալլա մէկ օր առաջ ալ յայտարարած էր, որ Թիպէի, Տպըլի, Քաուզահի, Մէյս Ժապալի, Խիամի եւ Քանթարայի մէջ վնասազերծած է 21 հրասայլեր, 3 «Տի-9» տիպի քարշակներ եւ 2 «Համըր»-ներ:

Իսրայէլեան օդուժը յարձակում գործեց Պընթ Ժպէյլ գաւառի Այնաթա գիւղին վրայ:

Իսրայէլեան բանակը երէկ առտու յայտարարեց. «Հըզպալլայի աւելի քան 2000 թիրախներու վրայ յարձակում գործեցինք, շուրջ 700 անդամներ ահաբեկեցինք եւ պիտի շարունակենք հարուածները խորացնել, մինչեւ անոր ամբողջական զինաթափումը»:

Լիբանանեան զինուորական աղբիւր մը «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, թէ իսրայէլեան ուժերը ներխուժած են Լիբանանի հարաւը գտնուող առաջին գիծի գիւղերու մեծ մասը եւ կը փորձեն կեդրոնական ու արեւելեան հատուածներէն դէպի երկրորդ գիծի գիւղեր յառաջանալ:

 

Leave a Comment