. ՊԷՅՐՈՒԹԻ մէջ զինուորական դատարանին առջեւ բողոքի հաւաք մը տեղի ունեցաւ` ընդդէմ Հըզպալլայի երկու անդամներու ձերբակալման:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Երէկ Պաապտայի պալատին մէջ գումարուած հանդիպումները նախագահ Աունի հրաւէրով տեղի ունեցան շարք մը պատճառներով: Ան է, որ Ժոմպլաթը հրաւիրեց նախագահական պալատ այցելելու, եւ երկու շաբթուընէ ի վեր կը փորձէ խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի հետ հանդիպում դասաւորել»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ներքին լարուածութիւնը թուլացնելու համար երկխօսութեան նախաձեռնութիւն մը կրնայ առաջարկել»:
. ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւր մը «Ախպար» օրաթերթին. «Իրանի վրայ յարձակումէն եւ լիբանանեան ճակատի բռնկումէն ետք, Լիբանանի իշխանութիւնները արաբական եւ արեւմտեան դեսպանատուներէն ստացան շտապ դիմումներ, որոնց մէջ անոնք մտավախութիւն յայտնեցին իրենց կեդրոններուն կամ պաշտօնեաներուն տեղի ունեցողին իբրեւ հակազդեցութիւն վտանգի ենթարկուելու հաւանականութեան նկատմամբ»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւր մը «Ախպար» օրաթերթին. «Պլասխարթ Լիբանանի մէջ թշնամիի գործերը համակարգողի վերածուած է եւ ոչ թէ` ՄԱԿ-ի, եւ Հըզպալլան անոր հետ քաղաքական կամ ապահովական հաղորդակցութիւնները դադրեցուց, մասնաւորաբար երբ թշնամիին կողքին կանգնելու անոր ժխտական դերակատարութիւնը ի յայտ եկաւ»:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Կութիերես Լիբանան իր վերջին այցելութեան ընթացքին Լիբանանի մէջ իր յատուկ ներկայացուցիչ, նետերլանտցի Ժանին Պլասխարթի աշխատանքին վերաբերեալ շարք մը նկատողութիւններ լսեց»:
. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները բարձրացան 25000 լ.ո.-ով, եւ յաջորդաբար հասան 2.314.000 լ.ո.-ի եւ 2.355.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը բարձրացաւ 72000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 2.194.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը բարձրացաւ 37000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.840.000 լ.ո.-ի: