Կիները` Քնքուշ Եւ Տոկուն – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ԼԻԱԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Մարտ 8-ն Կիներու միջազգային օրն է, օր մը, որ նուիրուած է` կիներու իրաւունքներուն, պայքարին, յաջողութիւններուն եւ հասարակութեան մէջ անոր անփոխարինելի դերին:

Հայ կինը պատմութեան ընթացքին միշտ եղած է տոկունութեան, նուիրուածութեան եւ մտաւոր ուժի խորհրդանիշ: Ան եղած է մայր, ուսուցչուհի, մշակութային գործիչ, ինչպէս նաեւ` գիւտարար, դեսպան, գրող եւ ի պահանջել հարկին` ֆետայի:

Հայ գրականութեան եւ հասարակական կեանքի մէջ նշանակալի տեղ ունեցած են բազմաթիւ հայ կիներ, ինչպէս` Զապէլ Եսայեանը, որ իր գրիչով պայքարեցաւ անարդարութիւններու դէմ եւ կիներու իրաւունքներուն համար, ինչպէս Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին հայ կին դեսպանը` Տիանա Աբգարը, Սերոբ Աղբիւրի քաջարի կինը` Սօսէն:

Հայ կինը միայն անցեալի պատմութիւն չէ. ան ներկայ է նաեւ այսօրուան կեանքին մէջ` գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի եւ համայնքային ծառայութեան բոլոր ոլորտներուն մէջ: Յատկապէս Լիբանանի հայ համայնքին մէջ հայ կինը մեծ դերակատարութիւն ունի ազգային ինքնութեան պահպանման եւ փոխանցման գործին մէջ: Ան դպրոցներու, միութիւններու, սկաուտական շարժումներու, մշակութային ակումբներու եւ մարզական կազմակերպութիւններու շարժիչ ուժն է:

Լիբանանահայ կինը, ապրելով բազմամշակութային միջավայրի մը մէջ, յաջողած է միաժամանակ պահել իր ազգային արմատները եւ մասնակցիլ երկրի հասարակական կեանքին: Ան առաջնորդած է երիտասարդութիւնը, կազմակերպած ազգային ձեռնարկներ եւ իր գործունէութեամբ նպաստած` համայնքի զարգացման: Մեծ թիւով լիբանանահայ կիներ ներգրաւուած են կրթական եւ հասարակական կառոյցներու մէջ, ինչպէս նաեւ` մշակութային նախաձեռնութիւններու եւ միջդպրոցական մարզական կազմակերպութիւններու մէջ, որոնք կը միտին նոր սերունդները հաղորդակից դարձնել ազգային արժէքներուն հետ:

Մարտ 8-ը տօն է ոչ միայն ծաղիկներու, այլ նաեւ` գիտակցութեան, յարգանքի եւ գնահատանքի, առիթ է արժեւորելու  անցեալի ու ներկայի  հայ եւ լիբանանահայ կիները, որոնք իրենց աշխատանքով, պատասխանատուութեամբ եւ նուիրումով կը կերտեն մեր ժողովուրդի ապագան: Անոնք օրինակ են` տոկունութեան, ազգապահպանման  եւ ազգային հպարտութեան:

Այս օրը մեզի կը յիշեցնէ, որ կնոջ դերը հասարակութեան մէջ սահմանափակուած չէ. ան ստեղծող է, առաջնորդ է, դաստիարակ է եւ` փոփոխութիւն բերող ուժ: Հայ կինը, ո՛ւր ալ գտնուի, կը շարունակէ մնալ իր ընտանիքին, համայնքին եւ ազգին հիմքը: Ի զուր չէ, որ ըսուած է` «Օրօրոցը շարժող ձեռքերը աշխարհ կը շարժեն»:

Սիրելի՛ կիներ, ձեր տօնը շնորհաւոր: Շարունակեցէք ձեր կանացի քնքուշ, սակայն տոկուն առաջնորդութեամբ ապահովել արժէքներու, լեզուի ու պահանջատիրութեան փոխանցումը` սերունդէ սերունդ:

 

 

Leave a Comment