ՎԱՐԴԱՆ ԱԶՆԱՒՈՒՐԵԱՆ
Պատերազմը միշտ ստիպած է մարդիկ կողմ ընտրելու: Նոյնիսկ անոնք, որոնք հեռու են մարտադաշտէն եւ կռուի կողմերէն, յաճախ կը զգան անհրաժեշտութիւնը յայտարարելու, թէ ո՛ր կողմին կողքը կը կանգնին: Ոմանք բնազդաբար կը պաշտպանեն տկարը` մղուած կարեկցութենէ, համակրանքէ (բնորոշեցէք ինչպէս որ ուզէք), թերեւս նաեւ` արդարութեան զգացումէն: Ուրիշներ կը միանան այն կողմին, որուն յաղթանակը աւելի հաւանական կը թուի, տարուելով անոր ուժէն ու հզօրութենէն: Այս վերջինը ինծի կը յիշեցնէ երեխաները, որոնք պասքէթի կամ ֆութպոլի խաղերուն զօրաւորը կ՛ընտրեն:
Այսօր այս բնազդը աւելի հեռու գացած է: Սրճարաններու ու ճաշարաններու մէջ, ընթրիքի սեղաններուն շուրջ եւ մանաւանդ ընկերային ցանցերուն վրայ մարդիկ կը վիճաբանին, թէ ո՛ր կողմը պէտք է պաշտպանել: Ընկերներու, ընտանիքներու եւ անծանօթներու միջեւ վէճեր կը բռնկին, շատ անգամ նաեւ` առցանց:
Մարդիկ իրենց «կողմը» կը պաշտպանեն մեծ կիրքով, երբեմն ալ յարձակելով անոնց վրայ, որոնք պատերազմին ուրիշ դիտանկիւնէ կը մօտենան: Ասիկա կը սկսի նմանիլ կարծիքներու տարօրինակ մարտադաշտի մը, ուր բառերը կը փոխարինեն զէնքերը, եւ կողմի մը հանդէպ հաւատարմութիւնը կը դառնայ ինքնութեան նշան:
Սակայն հակասութիւնը ինքզինք կը պարտադրէ բացայայտ կերպով, արդարեւ մինչ մարդիկ ապահով իրենց տուներուն մէջ կամ իրենց հեռախօսներու ետին կը վիճին, իսկական մարտադաշտին վրայ երկու կողմերէն ալ մարդիկ կը մեռնին:
Պատերազմը ֆութպոլի խաղ մը չէ: Այս է իրականութիւնը:
Իւրաքանչիւր համազգեստի ետին կայ կեանք մը, ընտանիք մը, պատմութիւն մը, որ յանկարծ կ՛ընդատուի, կանգ կ՛առնէ: Մարտադաշտէն անդին ամբողջ հասարակութիւններ գինը կը վճարեն: Քաղաքներ կը քանդուին, սերունդներ կը մեծնան վէրքերով ու դառն յիշողութիւններով, իսկ աշխարհի տնտեսութիւնները կը կործանին` քարիւղի գինէն սկսեալ մինչեւ առօրեայ ամէնէն սովորական ապրանքներու սակը:
Այսքան համաշխարայնացած աշխարհի մը մէջ ոչ մէկ պատերազմ իսկապէս հեռու է: Անոր հետեւանքները կը շրջանցեն սահմաններ ու կ՛երթան շատ աւելի հեռու, երբեք չեն սահմանափակուիր ռազմաճակատներով:
Աւելի մտահոգիչն այն է, թէ որքան դիւրութեամբ պատերազմները կը պարզացուին` զանոնք վերածելով բարիի ու չարի պատմութիւններու: Իրականութիւնը հազուադէպօրէն այդքան պարզ է: Պատերազմները բարդ են` լեցուն պատմութեամբ, քաղաքականութեամբ, վախով, աւերով, մահերով, խոցերով, հպարտութեամբ եւ թիւրիմացութիւններով:
Սակայն, քսանմէկերորդ դարուն մարդկութիւնը ունի գիտելիք, արհեստագիտութիւն եւ հաղորդակցութեան արդի միջոցներ, որոնց մասին նախորդ սերունդները չէին կրնար երազել իսկ:
Այս բոլորին համար ալ այսօր մենք մեզ կը կոչենք քաղաքակիրթ աշխարհ:
Իսկական քաղաքակիրթ աշխարհ մը իր յառաջընթացը պիտի չափէ ոչ թէ պատերազմ մղելու իր կարողութեամբ, այլ` պատերազմէ մը խուսափելու:
Թերեւս իսկական հարցը այն չէ, թէ ո՛ր կողմը կ՛ընտրենք, այլ` դարերու պատերազմներէն ետք արդեօք այդ բոլորէն բան մը սորվա՞ծ ենք:
Որովհետեւ երբ ծուխը կը մարի եւ յաղթանակները կը հռչակուին, մէկ ճշմարտութիւն կը մնայ` պատերազմին ընթացքին, ի վերջոյ, պարտուողը միշտ մարդկութիւնն է: