Փութինն Ու Ալիեւը Միջին Արեւելքի Մէջ Զինուորական Գործողութիւններու Շուտափոյթ Դադրեցման Կողմ Արտայայտուած Են

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին երկու երկիրներու նախագահները կողմ արտայայտուած են միջինարեւելեան շրջանին զինուորական գործողութիւններու շուտափոյթ դադրեցման: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:

«Միջինարեւելեան շրջանին մէջ տիրող ներկայ իրավիճակի շուրջ միտքերու փոխանակման ընթացքին ղեկավարները կողմ արտայայտուած են զինուորական գործողութիւններու շուտափոյթ դադրեցման եւ ներկայ սուր հակամարտութեան` քաղաքական-դիւանագիտական միջոցներով կարգաւորման», յայտնած է Քրեմլին:

Փութին նաեւ Ալիեւին շնորհակալութիւն յայտնած է Իրանէն Ռուսիոյ քաղաքացիներու տարհանման գործին մէջ ցուցաբերած աջակցութեան համար:

 

Leave a Comment