Իրաքի վարչապետ Մոհամետ Շիահ Սուտանի եւ Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Նեճիրֆան Պարզանի հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին շեշտեցին, թէ իրաքեան հողերը «դրացի երկիրներուն վրայ յարձակումի շղթայազերծման հարթակ պիտի չըլլայ»:
Յիշեցնենք, որ շրջանառութեան մէջ դրուած են տեղեկութիւններ, թէ ընդդիմադիր իրանեան քիւրտ զինեալներ մտադիր են Իրաքէն Իրան անցնիլ:
Երկու կողմերուն հրապարակած անջատ հաղորդագրութիւններուն համաձայն, անոնք շեշտած են, որ կը մերժեն յարձակումները, որոնք կը թիրախաւորեն իրաքեան քաղաքները, ներառեալ Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզը, ինչպէս նաեւ կը մերժեն արտօնել, որ իրաքեան հողերը դրացի երկիրներու դէմ յարձակումի շղթայազերծման հարթակ ըլլայ:
Իրան կը սպառնայ Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի «բոլոր կառոյցները» հարուածել, եթէ զինեալներ այդտեղէն Իրան մուտք գործեն:
Քրտական հայրենասիրական միութիւնը յայտարարեց, թէ Փեշմերկա ուժերը արգելք կը հանդիսանան իրաքեան սահմանէն Իրանի դէմ քայլ կատարելու որեւէ փորձի:
«Սահմանէն Իրանի դէմ որեւէ գործողութիւն չշղթայազերծուեցաւ», նշեց միութիւնը:
Քրտական հայրենասիրական միութիւնը շեշտեց, որ Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզը պէտք չէ պատերազմի դաշտ ըլլայ:
Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը շաբաթ օր յայտարարեց. «Քիւրտիստան նահանգին մէջ թշնամիներու եւ ընդդիմադիրներու շարժումներ կը նկատենք, եւ որեւէ սպառնալիքի յառաջացում պիտի չարտօնենք»:
«Իրանի հիւսիսային եւ հիւսիսարեւմտեան սահմանները ամբողջովին ապահովուած են, եւ մեր ուժերը ամբողջովին պատրաստ են», նշեց պահակագունդը:
Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը զգուշացուց Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի կառավարութիւնը, թէ «թշնամական ուժերու սահմանին վրայ տեղակայումը ուժեղ հակադարձութեան պիտի արժանանայ»: