Կրինլանտի մասին խօսակցութիւնները վերսկսան 2019-ին, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նախագահական իր ընտրական արշաւին ընթացքին դրսեւորեց զայն գնելու իր փափաքը` կղզին նկարագրելով իբրեւ «Մեծ եւ գեղեցիկ սառոյցի կտոր մը»: Հակառակ յայտարարութեան ցուցադրական բնոյթին, այդ կղզիին հանդէպ հետաքրքրութիւնը ունի աւելի քան 150 տարուան պատմութիւն` տրուած ըլլալով, որ Ուաշինկթըն փորձեց զայն գնել 1867-ին, 1910-ին եւ 1946-ին: Ատիկա կը բացայայտէ ամերիկեան ռազմավարական անփոփոխ տեսիլքի մը գոյութիւնը եւ ոչ թէ` սոսկ անցողական քաղաքական քմահաճոյք մը:
Աշխարհի ամէնէն մեծ կղզին հանդիսացող Կրինլանտը սոսկ սառած աշխարհագրական տարածք մը չէ, այլ` Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Եւրոպայի միջեւ գոյութիւն ունեցող ռազմավարական տարածք մը, որ կը վերահսկէ հիւսիսային Ատլանտեանը եւ հիւսիսային բեւեռի դարպասը: Սառոյցներու հալումի արագացման իրականութեան լոյսին տակ շրջանը կը վերածուի նաւագնացութեան նոր ուղիի մը, ինչ որ կրնայ փոխել համաշխարհային առեւտուրի օրէնքները:
Հիւսիսային բեւեռին ընդմէջէն բացուելիք հաւանական ծովային ճամբաները կարելի պիտի դարձնեն, որ Ասիոյ եւ Եւրոպայի միջեւ ապրանքափոխադրութիւնը կատարուի միայն 18 օրուան ընթացքին` փոխանակ 50 օրուան ներկայի ճամբաներով. այսինքն` ներկայի տեւողութեան մէկ երրորդը: Եւ այդ փոփոխութիւնը միայն ժամանակի տեւողութեան հարց չէ, այլ նաեւ` ծախսի նուազումի, ինչպէս նաեւ` համաշխարհային առեւտուրի կշռոյթի կամ ընթացքի արագացումի, ինչ որ տնտեսական ազդեցութիւն կամ կշիռ կ՛ընձեռէ անոր, որ կը հակակշռէ այդ ճամբաները:
Զինուորական առումով, Միացեալ Նահանգները օդուժի զինուորական խարիսխ մը ունին հիւսիսային Կրինլանտի Թուլի շրջանին մէջ, եւ անիկա մաս կը կազմէ կանխազգուշացման եւ հրթիռային պաշտպանութեան համակարգի մը: Կղզին կը համարուի պաշտպանութեան առաջնային գիծ մը Ռուսիոյ դէմ, որ իր զինուորական ներկայութիւնը կ՛ընդարձակէ հիւսիսային բեւեռին մէջ, մինչ Չինաստանը իր տնտեսական եւ ներդրումային ներկայութիւնը կը զօրացնէ շրջանին մէջ, ինչ որ Կրինլանտը կը դարձնէ հանդիպման կէտ մը` մեծ ուժերու ծրագիրներուն:
Իսկ տնտեսական տուեալներ ցոյց կու տան, որ կղզին ունի նշանակալից բնական հարստութիւններ, ներառեալ` հազուագիւտ աղերու, քարիւղի եւ կազի, որոնք մեծ դեր ունին արհեստագիտական եւ զինուորական արդիւնաբերութեան մէջ: Մինչ համաշխարհային մատակարարման շղթաներու համար պայքարը կը սրի, այդ հարստութիւնները հակակշռելը մէկ մասը կը դառնայ արդիւնաբերական եւ արհեստագիտական ապագան հակակշռելու համար մղուող ճակատամարտին:
Առ այդ, կարելի չէ Կրինլանտի նկատմամբ ամերիկեան հետաքրքրութիւնը բաժնել գերիշխանութեան փիլիսոփայութենէն, որ հիմնուած է աշխարհագրական վերահսկողութեան, ռազմական գերազանցութեան եւ առեւտրական ուղիներու վերահսկողութեան վրայ համադրաբար: Ծովային ուղիներ ունենալը նուազ կարեւոր չէ զինուորական խարիսխներ ունենալէն. երկուքն ալ միեւնոյն ատեն կրնան ըլլալ թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ տնտեսական ճնշումի գործիքներ:
Այդպիսով, Կրինլանտը մեկուսացած սառոյցի կղզիէ մը կը վերածուի խաղաքարին բարդ միջազգային ճատրակի խաղի մը, ուր աշխարհագրութիւնը կը խառնուի քաղաքականութեան հետ, ապահովութիւնը կը հանդիպի առեւտուրին եւ մրցակցութիւնը կը կառավարուի ազդեցութեան տրամաբանութեամբ, ոչ` գերիշխանութեան տրամաբանութեամբ:
Ուստի ուղղուելիք հարցումը այլեւս այն չէ, թէ ինչո՞ւ Ամերիկան Կրինլանտը գնել կ՛ուզէ, այլ` թէ ո՞վ պիտի ունենայ հիւսիսային բեւեռի բանալիները յառաջիկայ աշխարհակարգին մէջ:
Կ՛արժէ մտածել այս մասին:
