Ծոցի Համագործակցութեան Խորհուրդը Պահանջեց Անյապաղ Դադրեցնել Իրանեան Յարձակումները Եւ Հակադարձելու Իր Իրաւունքը Հաստատեց

Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի նախարարական 50-րդ արտակարգ ժողովը խորհուրդի անդամ պետութիւններուն անունով հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով իրանեան յարձակումներուն անմիջապէս դադրեցումը պահանջեց:

Հաղորդագրութիւնը բուռն կերպով դատապարտեց «Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի պետութիւններուն եւ Յորդանանի վրայ կատարուած իրանեան յարձակումը»:

Հաղորդագրութիւնը նշեց, որ Իրանի յարձակումները «թիրախաւորեցին քաղաքային կառոյցներ ու բնակուած շրջաններ, եւ մեծ վնասներ պատճառեցին»:

«Խորհուրդի անդամ պետութիւններուն անվտանգութիւնը անմասնատելի մէկ ամբողջութիւն է, եւ անդամ պետութեան մը վրայ որեւէ յարձակում բոլորին վրայ յարձակում կը նկատուի», շեշտեց հաղորդագրութիւնը:

«Անհրաժեշտ բոլոր քայլերը պիտի որդեգրենք պաշտպանելու համար մեր անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը», շեշտեց Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդը` աւելցնելով. «Մենք մեզի կը վերապահենք ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան 51-րդ յօդուածին հիմամբ ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը»:

«Երկխօսութիւնն ու դիւանագիտութիւնը տագնապի շրջանցման միակ ուղին են», նշեց հաղորդագրութիւնը եւ Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղեց «իր պատասխանատուութիւններուն տէր կանգնելու եւ անմիջական ու խիստ դիրքորոշում որդեգրելու»:

«Ծոցի կայունութիւնը համաշխարհային տնտեսութեան կայունութեան հիմնական սիւն է», նշեց հաղորդագրութիւնը:

Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդը բարձր գնահատեց «իրանեան յարձակումներու դիմակայման մէջ օդային պաշտպանութեան համակարգերու ատակութիւնը»:

 

 

Leave a Comment