Սպիտակ տունը յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու հետ համաձայնութիւն մը գոյացնելը Իրանի համար Իմաստուն քայլ պիտի ըլլայ:
Սպիտակ տան բանբեր Քարոլայն Լեւիթ լրագրողներուն յայտնեց. «Նախագահ Թրամփին ու անոր վարչակազմին հետ համաձայնութիւն մը կնքելը Իրանի համար չափազանաց իմաստուն քայլ պիտի ըլլայ»:
Ան աւելցուց, որ Իրանին հարուած հասցնելը արդարացնելու համար «բազմաթիւ պատճառներ ու պատրուակներ կարելի է ներկայացնել»: