Փետրվար 2-ը՝ 60 երկվայրկեանի մէջ արևմտահայերէն լուրեր


Պաշտպանութեան ոլորտէն ներս Հայաստանի և Հնդկաստանի միջև համագործակցութեան ընթացքը քննարկուած է:


Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու ստորաբաժանումը ահաբեկչական կազմակերպութիւն ճանչնալու որոշումին կապակցութեամբ Իրանի մէջ Եւրամիութեան բոլոր երկիրներու դեսպանները Արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած են:


Իրան պէտք է համաձայնագիր կնքէ Միացեալ Նահանգներու հետ և երաշխաւորէ, որ հիւլէական զէնք պիտի չունենայ. Թրամփ:


Ուաշինկթըն բանակցութիւններ կը վարէ Հաւանայի ղեկավարութեան հետ գործարք կնքելու համար. Թրամփ:


Թրամփ բանակցութիւններ սկսած է եւրոպական երկիրներուն հետ նաև Կրինլանտի հարցով:


Ռուսաստան վերսկսած է հարուածել Ուքրանիոյ ուժանիւթի  ենթակառուցուածքները. շարք մը մարզերուն մէջ ելեկտրականութեան անջատումներ եղած են:


Ռուս-ուքրանական բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան 4-5 Փետրուարին՝ Ապու Տապիի մէջ:


Ճափոն հազուագիւտ մետաղներ յայտնաբերած է ովկիանոսի խորքերը:


Անի Զէյթունցեան

Leave a Comment