Յայտարարութիւններ (2 Փետրուար 2026) – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ԱԶՈՒՆԻԷ ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆ

Յայտարարութիւններ (31 Յունուար 2026)

Ազունիէի Հայ ազգային բուժարանին կատարուած են հետեւեալ նուիրատուութիւնները յունուար 2026-ի ընթացքին.

– Տիկին Նազելի Մարտիրոսեան-Սլիմ (Տուպայէն)` 1042$ Պատսպարեալի հոգատարութիւն.  յունուար եւ փետրուար ամիսներուն համար

– Միացեալ Նահանգներէն հետեւեալ անձերը`

Տիանա Չէրգէզեան 50$
Սոնա Սարաֆեան 50$
Անի Սարաֆեան 100$
Եսթեր Գարախանեան 100$
Աստղիկ Հարապլեան 100$

– Ժաք Պարսումնեան (Բուժարանի պատսպարեալներուն Նոր տարուան խրախճանքի համար) 1.500$
– Ղազարոս Մեստճեան` Վերա Մեստճեանի մահուան  յիշատակին 100$Ծ
– Ազգային մը 1000$
– Վիգէն Սահակեան (Միացեալ Նահանգներէն)`1000$ պատսպարեալի մէկ ամսուան հոգատարութիւն
– Յովհաննէս Խօշեան 40 հատ Այնճարի հաց
– Հայ տիկնանց միութիւն (Հոլանտայէն) 15 քիլօ միս, 5 քիլօ ցաւար, 10 քիլօ մածուն, 15 քիլօ պանան, 11 քիլօ նարինջ
– Թորոս Հելվաճեան 5 կապ հաց
– Սարգիս եւ Էլմաստ Սարգիսեան 10 կապ հաց
– Սարգիս Մկրտիչեան 5 կապ հաց
– Սոնա Պօղոսեան 5 կապ հաց
– Այն Տարայի Աւետարանական եկեղեցւոյ տիկնայք 130 հատ քըշըքով մէնէիշ

Կանխայայտ շնորհակալութիւն:

ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ`
ԱԶՈՒՆԻԷԻ ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆԻ

————————————–

ՄԱՐԱՇԻ ԱՂԷՏԻ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒՄ

Սիրելի՛ հայրենակից,

Լիբանանի Մարաշի հայրենակցական միութիւնը պիտի յիշատակէ Մարաշի աղէտին 106-րդ տարելիցը:

Նոր Մարաշի հայ երեք յարանուանութեանց եկեղեցիներուն մէջ տեղի պիտի ունենան Ս. պատարագ, պաշտամունք եւ հոգեհանգստեան պաշտօններ, կիրակի, 8 փետրուար 2026-ին, մարաշցի հին եւ նոր ննջեցեալ հայրենակիցներու հոգիներուն համար:

Կը հրաւիրենք ձեզ բոլորդ` ներկայ գտնուելու վերոյիշեալ եկեղեցական արարողութիւններուն, յարգելու համար խնկելի յիշատակը մեր ննջեցեալներուն:

Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի Յաւարտ Ս. պատարագի
Ս. Փրկիչ եկեղեցի ժամը 10:00-ին
Հայ աւետարանական եկեղեցի ժամը 10:30-ին

Յաւարտ եկեղեցական արարողութեանց, յարգելու համար մեր նահատակներուն յիշատակը, բոլոր հայրենակիցները հրաւիրուած են միութեանս սրահը` «Գերմանիկ» կեդրոն, ուր պիտի մատուցուի հոգեսուրճ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԱՐԱՇԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ
ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

Leave a Comment