Պայրագտարեան Ընդունեց Մուխայպերը – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ընդունեց նախկին երեսփոխան Ղասսան Մուխայպերը եւ անոր ներկայացուց նախարարութեան գործունէութիւնը եւ յառաջիկայ ծրագիրները:

Պայրագտարեան եւ Մուխայպեր քննարկեցին երիտասարդութեան, սկաուտութեան եւ մարմնակրթութեան ոլորտներուն մէջ մշակուելիք օրէնսդրութիւնը, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի նախարարութեան եւ անոր առնչուած ոլորտներու` երիտասարդութեան, սկաուտութեան եւ մարմնակրթութեան գործունէութիւնը կարգաւորող օրէնքներուն եւ հրամանագիրներուն:

 

Leave a Comment