Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Իրենց Տարածքէն Իրանի Վրայ Որեւէ Յարձակում Պիտի Չարտօնեն

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները իրենց տարածքէն Իրանի վրայ որեւէ յարձակում պիտի չարտօնեն:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ պիտի չարտօնէ, որ իր օդային, ցամաքային եւ ջրային տարածքները օգտագործուին Իրանի դէմ որեւէ զինուորական գործողութեան համար:

Յայտարարութեան մէջ նաեւ կ՛ընդգծուի, որ Ապու Տապին նման գործողութիւններու համար որեւէ գումակային աջակցութիւն պիտի չցուցաբերէ:

Leave a Comment