Հաժ Հասան. «Լիբանանեան Գերիշխանութեան Համար Ձեր Կարելին Ըրէ՛ք, Ետքը Ազգային Պաշտպանութեան Ռազմավարութեան Քննարկումին Եկէ՛ք»

Պաալպեք Հերմելի երեսփոխանական պլոքի նախագահ Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց. «Մենք սպառնալիքի եւ սարսափեցման առջեւ չենք վախնար, չենք նահանջեր եւ անձնատուր չենք ըլլար»:

«Դիմադրութիւնը լիովին յարգեց զինադադարի համաձայնութեան պայմանները, եւ մեզի համար լիբանանեան ազգային առաջնահերթութիւնը գերիշխանական առաջնահերթութիւն է: Լիբանանեան ազգային առաջնահերթութիւնը պէտք է բոլոր լիբանանցիներուն մօտ համախոհութիւն վայելող նիւթ ըլլայ: Անիկա գերիշխանական առաջնահերթութիւն է, որ որեւէ բանակցութենէ առաջ կը սկսի իսրայէլեան յարձակումի դադրեցումով, թշնամիին բռնագրաւուած կէտերէն հեռացումով, գերիներու վերադարձով եւ վերաշինութեան սկսումով», ըսաւ երեսփոխանը:

Հաժ Հասան խօսքը լիբանանցիներուն եւ լիբանանեան պետութեան ուղղելով յայտնեց. «Լիբանանեան գերիշխանութեան համար ձեր կարելին ըրէ՛ք, ետքը եկէք ազգային անվտանգութեան ու ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութեան քննարկման, որպէսզի տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք պաշտպանել Լիբանանը, որպէսզի մնայ սիրելի, գերիշխան, ազատ ու անկախ հայրենիք մը, որպէսզի թշնամիին առջեւ ենթակայի եւ յանձնուածի չվերածուի»:

«Հաստատ ու տոկուն մնալուն եւ համբերելուն գինը շատ աւելի նուազ է ենթակայութեան եւ անձնատուութեան գինէն, եւ Դիմադրութեան համակիր զանգուածը գիտէ, թէ Դիմադրութիւնը չպարտուեցաւ եւ պիտի չպարտուի», նշեց երեսփոխանը:

 

Leave a Comment