Հզօր Հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Ֆատի Քարամ նշեց. «Փոխվարչապետ Թարեք Մըթրիի` ելեւմտական բացի վերաբերեալ տեսութեան, անոր ընդդիմացողներուն պատճառները քաղաքական նկատելուն եւ «զէնքի հարցը բարեկամաբար կը լուծուի» ըսելուն լոյսին տակ հարց կու տանք, թէ ինչո՞ւ ան եւ անոր համակարծիք եղողները պատասխանատու պաշտօններ ստանձնեցին, եթէ պատրաստ չեն պետութեան վերակառուցման, զայն փոքրիկ պետութենէն եւ փտածներէն ազատելու համար պատասխանատուութիւն ստանձնելու»:
Փոխվարչապետը մէկ օր առաջ յայտնած էր. «Կառավարութեան որդեգրած ելեւմտական բացի օրինագիծը նկատի կ՛ունենայ պահ դրուած գումարներու սեփականատէրերուն արդարութիւն կատարելն ու լիբանանեան տնտեսութեան, ներառեալ դրամատուներուն առողջացման անհրաժեշտութիւնը»:
«Անիկա շարք մը նախարարներու միջեւ քննարկուեցաւ, եւ քանի մը ամիս ուսումնասիրուելու համար մասնագէտներու ներկայացուեցաւ: Ընդդիմացող կարգ մը նախարարներ քաղաքական պատճառներ ունէին», ըսած էր Մըթրի: