Եգիպտոսի Դեսպանը Ելեւմտական Բացի Օրինագիծի Վաւերացման Համար Շնորհաւորեց Կառավարութիւնը

Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա շնորհաւորեց լիբանանեան կառավարութիւնը ելեւմտական բացի օրինագիծը վաւերացնել յաջողելուն համար` նշելով, որ անիկա «շատ կարեւոր քայլ կը նկատուի, եւ շարք մը ներքին եւ ֆինանսաւորման միջազգային հաստատութիւններու կողմէ զայն վաւերացնելու պահանջներ կային: Այս քայլին յաւելեալ քայլեր պիտի յաջորդեն, եւ բոլոր անոնք, որոնց հետ խօսեցայ, կը գնահատէին այս քայլը եւ կառավարութեան այս ջանքը»:

Մուսա մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Քանի մը շաբաթ առաջ Եգիպտոսի վարչապետ Մուսթաֆա Մատպուլին Լիբանան այցելեց. այցելութեան ընթացքին քննարկուեցան բազմաթիւ հարցեր, որոնց գլխաւոր նիւթը Լիբանանին, նոր իշխանութեան եւ նոր կառավարութեան աջակցիլն էր»:

«Քննարկուած հարցերէն էր ուժանիւթի պարագան եւ Լիբանանի մէջ այդ ոլորտին աջակցելու ձեւը: Մատպուլի վճռակամ էր այս թղթածրարը արագօրէն ամբողջացնելու, եւ անոր ու վարչապետ Նաուաֆ Սալամին միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ այդ ուղղութեամբ քայլեր որդեգրելու: Ուստի, այսօր պիտի ստորագրուի փոխհասկացողութեան արձանագրութիւն մը, որ Եգիպտոսի ու Լիբանանի միջեւ ուժանիւթի մարզին մէջ գործակցութեան շրջագիծ կը կազմէ», ըսաւ դեսպանը:

«Մենք Լիբանանով հետաքրքրուած ենք, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի եւ բազմաթիւ ուրիշ շրջաններու դիմագրաւած սպառնալիքներով», նշեց Մուսա:

«Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի եգիպտացի բոլոր պաշտօնատարներուն տուած ցուցմունքներուն հիմամբ աշխատանք կը տարուի Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ լարուածութիւնը մեղմացնելու: Արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթին եւս վերջին շրջանին եռանդուն կերպով հաղորդակցեցաւ ըլլայ շրջանին մէջ կամ անկէ դուրս այս թղթածրարին առնչակից գլխաւոր կողմերուն հետ», յայտնեց դիւանագէտը:

«Յառաջիկայ շրջանին պիտի շարունակենք այս ջանքը, եւ այն գնահատումը ունինք, թէ գործընկերներու հետ յաւելեալ ջանքով ու համակարգումով կրնանք արդիւնքի հասնիլ: Կը յուսանք յառաջիկայ փուլին լարուածութիւնը մեղմացնել, եւ համոզուած ենք, թէ այս ուղղութեամբ յաւելեալ ջանք չթափելը կրնայ ծանր հետեւանքներ ունենալ», շեշտեց ան:

Եգիպտոսի դեսպանը յոյս յայտնեց, որ «յառաջիկայ տարուան մէջ լարուածութեան մեղմացում արձանագրուի»:

Պատասխանելով Հըզպալլայի հետ հաղորդակցութեան մասին հարցումի մը` Մուսա նշեց. «Բոլոր կողմերուն հետ մեր հաղորդակցութիւններուն մէջ կը կեդրոնանանք զինադադարի համաձայնութեան գործադրութեան վրայ, բան մը, որ կը համակարգենք մեր գործընկերներուն, նախ եւ առաջ` Միացեալ Նահանգներուն հետ»:

 

Leave a Comment