Լիբանանեան Բանակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Թշնամական կայքերէն մէկը կարգ մը բանակայիններուն պատկանելիութեան եւ հաւատարմութեան շուրջ սխալ ու ապակողմնորոշող տեղեկութիւններ հրապարակեց»:
Բանակը կտրուկ կերպով հերքեց նշեալ տեղեկութիւնը` աւելցնելով, որ անոնց նպատակը բանակի հաւատամքն ու անոր անդամներուն աշխատանքը կասկածի տակ առնելն է, երբ անոնց ազգային հաստատութեան պատկանելիութիւնը հաստատ եւ արմատացած է:
Լիբանանեան բանակը նաեւ կոչ ուղղեց անտեսելու այն լուրերը, որոնց նպատակը «ներկայ նուրբ եւ արտակարգ պայմաններուն մէջ բանակի դերակատարութիւնը կասկածի տակ առնել է»:
Նախքան այդ, իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի յայտարարած էր, թէ հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան բանակի օդային հարուածին հետեւանքով սպաննուած են Հըզպալլայի երեք անդամներ, որոնք Սայտայի շրջանին մէջ զինուորական ենթակառոյցներու վերաշինութեան վրայ կ՛աշխատէին:
Ան աւելցուց, որ իսրայէլեան բանակը մեծապէս վտանգաւոր կը նկատէ «լիբանանեան բանակին եւ ահաբեկչական Հըզպալլայի միջեւ գործակցութեան յարաբերութիւնները, եւ պիտի շարունակէ գործել Իսրայէլի պետութեան քաղաքացիներուն դէմ որեւէ սպառնալիք վնասազերծելու»:
Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը երկուշաբթի օր Քնէյթրա-Մաամարիէ ճամբուն վրայ հարուածեց ինքնաշարժ մը, որուն մէջ գտնուող անձերը, որոնցմէ մէկը` լիբանանեան բանակի անդամ մը, նահատակուեցան:
Լիբանանեան բանակը յայտարարեց, որ ան հակահրասայլային զօրամասի աջակցութեան գունդի անդամ աւագ տասնապետ Ալի Ապտալլան է: