Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան հովանաւորեց «Ծառայութեան համար քրիստոնեայ երիտասարդութիւնը» միութեան կազմակերպած «Պասքեթպոլ տը սթար» խորագիրով Ս. Ծննդեան տարեկան նշումը` խոցելի կացութեան մէջ գտնուող երեխաներու հոգեկան առողջութեան ամրապնդման ծրագիրի աջակցութեան համար:
Պաուշրիէի «Միշել Մըր» մարզական համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ պասքեթպոլի ցուցադրական մրցում մը, որուն մասնակցեցաւ մարմնակրթութեան, արուեստի, մարդասիրական, ընկերային եւ քաղաքական ոլորտի մէջ գործող երեւելիներու ընտրանի մը:
Միութեան նախագահ Սամիրա Սալիպա այս առիթով խօսք մը արտասանելով շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարին` այս մարդասիրական ձեռնարկը հովանաւորելուն համար:
Պայրագտարեան իր կարգին յայտնեց. «Յոյսով եւ սիրով լեցուած Ս. Ծննդեան այս ժամանակին, շատ ուրախ եմ ձեզի հետ ըլլալուս համար, որպէսզի միասնաբար ապրինք պարզ, սակայն խորիմաստ ուրախութեան պահեր, որովհետեւ երեխայի մը ժպիտը կրնայ մեզ բոլորս ապագայի նկատմամբ աւելի մեծ յոյս պարգեւել»:
«Լիբանանը, հակառակ բոլոր մարտահրաւէրներուն, տակաւին ունի սիրով բաբախող սրտեր, մարմնակրթութեան մէջ հերոսներ, որոնք գիտեն ինչպէս խաղը վերածել յոյսի պատգամի: Այդ պատգամը կ՛ըսէ. «Մարմնակրթութիւնը ձեզի մօտիկ է, եւ մարզադաշտը ուրախութեան, գործակցութեան ու ինքնավստահութեան դաշտ է, ինչպէս սորվեցանք երազել, եւ ժպիտով յաղթել ու պարտուիլ», նշեց ան: