Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի երէկ իբրեւ քարտուղար ներկայ գտնուեցաւ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ժողովին, որ յատկացուած էր ընտրական օրէնքի փոփոխութեան վերաբերեալ կառավարութեան յղած օրինագիծի քննարկման։
Բագրատունի նաեւ մասնակցեցաւ խորհրդարանի ելեւմտական յանձնախումբի ժողովին, ուր քննարկուեցաւ գաղթականներու նախարարութեան պիւտճէն։ Ան ժողովին կը մասնակցէր իբրեւ գաղթականներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ։
Բագրատունի ժողովի ընթացքին դիտել տուաւ, որ կառավարութիւնը պարտի պիւտճէն բարձրացնել եւ յատկացումներ կատարել այն անհատներուն, որոնք ցարդ գանձում չեն կատարած, եւ այն գիւղերուն, ուր տակաւին հաշտութիւններ չեն կատարուած։