Այցելելով Նախագահ Աունի` Ֆրենժիէ. «Պետութեան Եւ Բանակին Կատարածը Գերազանցէն Աւելին Է» – Aztag Daily

Երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ հանդիպելէ ետք նշեց. «Ինչպէս միշտ, նախագահին հետ մեր հանդիպումէն հանգստացած եւ յոյսով լեցուած դուրս կու գանք: Նախագահին այցելեցինք նախ եւ առաջ տօնական օրերուն առիթով, ապա Լեւոն ԺԴ. պապի այցելութեան, մեր տեսած կազմակերպութեան եւ պապին յառաջիկայ փուլին համար Լիբանանին տուած յոյսին համար շնորհաւորելու համար»:

«Այսօր այն, ինչ որ Լիբանանի մէջ կը տեսնենք, նախագահ Աունի անհատականութեան վրայ հիմնուած յոյս չէ, այլ քաղաքական իրողութիւններու, որոնց արդիւնքները գետնի վրայ սկսանք շօշափել: Պէտք է միշտ մարդոց յոյսը ամրապնդենք», ըսաւ ան:

«Լիբանանի մէջ շատ կը լսենք պաշտօնատարներ, որոնք պատերազմով կ՛ահաբեկեն, թէ երկիրը դէպի յոռեգոյնը կ՛ուղղուի, եւ թէ Լիբանան իր պարտաւորութիւնները չի կատարեր: Կը կարծեմ, թէ այն, ինչ որ լիբանանեան պետութիւնն ու բանակը կ՛ընեն, գերազանցէն աւելին է, եւ պահանջուածէն ալ աւելին», նշեց երեսփոխանը:

«Այն, ինչ որ անցնող ամիսներուն կարողացանք իրագործել` բանակի Լիթանիէն հարաւ տեղակայումը, զինաթափումը եւ լիբանանեան կողմէն ինքնազսպումը, մէկ կամ երկու տարի առաջ կարելի չէինք նկատեր: Լուսարձակը ասոր վրայ պէտք է կեդրոնացնել, ինչպէս նաեւ այն բանին, որ Լիբանանին նոր լարուածութիւն եւ նոր սայթաքում կը խնայէ», աւելցուց Ֆրենժիէ:

«Նոր տարիէն ետք, «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբը աւելի ազդու կերպով պիտի գործէ, եւ Լիբանան հետզհետէ աւելի պիտի ուղղուի դէպի հզօր պետութիւն, հզօր եւ լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ տեղակայուած բանակ», յայտնեց երեսփոխանը:

Ֆրենժիէ միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց` «ճնշումը միւս կողմին վրայ բանեցնելու, դադրեցնելու համար իսրայէլեան յարձակումները, սկսելու համար հարաւային Լիբանանի մէջ քանդուածը վերաշինել եւ յոյսը վերականգնել մարդոց մօտ, որոնք իրենց տուները լքեցին, հարաւային Լիբանանը լքեցին` ապահով վայր հասնելու համար, եւ նախագահ Աուն ասոր վրայ է, որ կ՛աշխատի»:

 

Leave a Comment