Չինաստանն Ու Սէուտական Արաբիան Համաձայնեցան Շրջանային Եւ Միջազգային Հարցերու Մէջ Համակարգումը Ամրապնդելու

Չինաստանն ու Սէուտական Արաբիան համաձայնութիւն գոյացուցին շրջանային եւ միջազգային հարցերու շուրջ հաղորդակցութիւնն ու համակարգումը ամրապնդելու: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:

Կիրակի օր երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութիւններու համաձայն, Փեքին ողջունեց Միջին Արեւելքի դիւանագիտական աշխատանքին մէջ Ռիատի դերակատարութիւնը:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Ուանկի Եի կը կատարէ միջինարեւելեան երեք երկիրներ շրջապտոյտ մը, որ սկսաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն եւ կ՛աւարտի Յորդանանի մէջ:

Ան կիրակի օր, Ռիատի մէջ հանդիպում ունեցած է Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Պըն Ֆարհան Ալ Սէուտ իշխանին հետ:

 

 

 

Leave a Comment