Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Քաթարի Դեսպանն Ու Իրանի Դեսպանատան Մշակութային Կցորդը

Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Սէուտ Պըն Ապտելռահման Ալ Թանին, որ իրեն շնորհակալութիւն յայտնեց Քաթարի ազգային տօնին նշման ներկայացուցիչ մը ուղարկելուն համար:

Դեսպանը դրուատեց մարոնիներու պատրիարքութեան «ազգային ռահվիրայական դերակատարութիւնը»:

Ան ընդգծեց, որ Քաթար կ՛աջակցի Լիբանանի մէջ մարդասիրական եւ կրթական նախաձեռնութիւններուն:

Պատրիարքը նաեւ ընդունեց Իրանի դեսպանատան մշակութային կցորդ Մոհամետ Ռիտա Քարտթաուին, որ «մեծապէս գնահատեց մարոնիներու պատրիարքութիւնն ու անոր մշակութային եւ հոգեւոր դերակատարութիւնը»:

Ան նշեց աւելի լաւ հասարակութիւններու կառուցման համար մշակութային եւ ակադեմական փորձառութիւններու փոխանակման կարեւորութիւնը եւ շեշտեց. «Մշակոյթը ժողովուրդները զիրար կը մօտեցնէ եւ երկխօսութեան տեւական կամուրջ մըն է»:

 

Leave a Comment