Հըզպալլայի Ընդհանուր Քարտուղարը «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբին Մէջ Քաղաքայինի Նշանակումը Ձրի Զիջում Կը Նկատէ

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ պատկերասփռուած ուղերձի մը ընթացքին յայտնեց. «Իսրայէլի հետ գործակցիլը կը նշանակէ նաւին մէջ ծակ յառաջացնել, եւ այդ պարագային բոլորը պիտի խեղդուին»:

Անդրադառնալով «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին մէջ քաղաքայինի մը նշանակման` Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը նշեց. «Պետութիւնը Իսրայէլին ձրի զիջում տրամադրեց, որ համազօր է 5 օգոստոսի սայթաքումի շարունակման»:

«Իսրայէլի ծառաներուն» կարեւորութիւն պիտի չընծայենք, եւ աշխարհի վրայ ոչ ոք կրնայ մեր պաշտպանական կարողութեան դէմ կանգնիլ», նշեց շէյխ Քասեմ:

«Իբրեւ լիբանանեան պետութիւն Իսրայէլի հետ մեր որեւէ յարաբերութեան մէջ նշաձողը համաձայնութեան սահմանն է», ըսաւ ան:

Շէյխ Քասեմ յայտնեց, որ բնական է, որ հայրենիքի մը մէջ քաղաքական տարակարծութիւն ըլլայ, եւ պէտք է զայն լուծել սահմանադրութեան, արժէքներու եւ փոխադարձ հասկացողութեան ճամբով` աւելցնելով, որ Հըզպալլան բոլորին հետ կը գործակցի պետութեան կառուցման եւ հողի ազատագրման համար:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը շեշտեց, որ կուսակցութիւնը ինքզինք եւ Լիբանանը պիտի պաշտպանէ` աւելցնելով, որ իրենք անձնատուր պիտի չըլլան:

«Յարձակումները զէնքին համար չեն, այլ աստիճանաբար Լիբանանը գրաւելու հիմքը դնելու համար», ըսաւ ան:

«Մենք պետութեան հետ կը գործակցինք, եւ Իսրայէլն ու Ամերիկան մեր ներքին հարցերուն լուծման հետ որեւէ կապ չունին», նշեց շէյխ Քասեմ` աւելցնելով. «Լիթանիի հարաւէն ետք» կոչուող բան գոյութիւն չունի»:

Leave a Comment