303 Երեխաներու Հովանաւորութիւն` «Յասմիկ Ջլուտեան» Կտակին Միջոցով

ՀՕՄ-ի «Զոհուած հերոսներու զաւակներ» ծրագիրը տարեկան դրութեամբ կը հովանաւորէ զոհուած հերոսներու զաւակներ, որոնք Հայ օգնութեան միութեան մնայուն հոգածութիւնը կը վայելեն: Այս ծրագիրը նախապէս կը կոչուէր «Որբախնամ», որ հաստատուած էր հովանաւորելու համար 1988-ի Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժին պատճառով որբացած երեխաներ, ինչպէս նաեւ` արցախեան գոյամարտի նահատակներու զաւակներ:

Յասմիկ Ջլուտեան այն բարեգործ հայուհին է, որ որոշ գումար մը կտակեց ՀՕՄ-ին` փափաք յայտնելով, որ կտակին շահարկումէն ստացուած հասոյթը  յատկացուի որբերու եւ մանկապարտէզներու:

Առ այդ, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան որոշումով 2025 տարեշրջանի համար «Յասմիկ Ջլուտեան» կտակի շահարկումէն ստացուած $100.000 (հարիւր հազար ամերիկեան տոլար) պիտի յատկացուի 303 երեխաներու,  որոնցմէ իւրաքանչիւրը $300 (երեք հարիւր ամերիկեան տոլար) պիտի ստանայ:

Այս առիթով ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը կ՛ոգեկոչէ բարեգութ Յասմիկ Ջլուտեանի յիշատակը: Ան իր կտակով բացառիկ օրինակ հանդիսացաւ բարեգործութեան եւ գթասրտութեան: Խորապէս գնահատելով իր եւ  մեր բոլոր կտակարարներուն եւ նուիրատուներուն  ազնուագոյն արարքը` կ՛ուզենք տօնական այս օրերուն բոլորին ուշադրութեան յանձնել կարեւոր հանգամանք մը, թէ որբ մը ուրախացնելով` կը ստանանք հոգեկան անբացատրելի գոհունակութիւն: Խորապէս կը հաւատանք, որ «Զոհուած հերոսներու զաւակներ» ծրագիրը անխափան պիտի շարունակուի` շնորհիւ մեր գթասիրտ նուիրատուներուն:

Վարձքը կատա՛ր բոլորին:

ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Leave a Comment