«Լիբանանեան Բանակին Հետ Սերտ Կերպով Կ՛աշխատինք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Կայունութեան Վերականգնման Նպաստելու Համար» Կ՛ըսէ ՖԻՆԻՒԼ

ՖԻՆԻՒԼ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Զինադադարի համաձայնութենէն ի վեր, խաղաղապահները լիբանանեան բանակին հետ սերտ կերպով կ՛աշխատին հարաւային Լիբանանի մէջ կայունութեան վերականգնման նպաստելու համար, ներառեալ աջակցելու բանակին շուրջ 130 դիրքերու վրայ տեղակայման, ինչ որ հիմնական քայլ է հարաւային Լիբանանի մէջ պետութեան իշխանութեան ամրապնդման համար»:

ՖԻՆԻՒԼ նշեց, թէ կը շարունակէ հետեւիլ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի խախտումներուն, եւ անոնց վերաբերեալ զեկուցումներ ներկայացնել Ապահովութեան խորհուրդին, ինչպէս նաեւ կողմերուն հետ կապ հաստատել լարուածութիւններուն վերջ տալու եւ թիւրիմացութիւնները կանխարգիլելու համար:

 

Leave a Comment